2014-11-20 13:16:41

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 21 նոյեմբերի քարոզը` ''Յիսուս այսօր եւս կը շարունակէ արտասուել փակ տեսնելով մեր եւ եկեղեցւոյ դռները''։


(Ռ.Վ. 20 նոյեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 20 նոյեմբերին առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յայտնեց թէ ''Յիսուս կ՛ ողբայ մինչ մենք մեր դռները փակ կը պահենք Անոր անակնկալներուն առջեւ. Անոր որ խաղաղութիւն բերաւ աշխարհին''։
՝՝Երբ Յիսուս մօտեցաւ , տեսնելով քաղաքը՝ արտասուեց վրան ՝՝(Ղուկ 19, 41-44)։
Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուայ աւետարանկան ընթերցումը, ըսաւ, ''Յիսուս արտասուեց յաւիտենական քաղաքի, եւ ընտրեալ ժողովուրդին սիրտերը փակ գտնելուն պատճառով։ Անոնք բազմազբաղ էին եւ ժամանակ չունէին իրենց դռները բանալու, բայց՝ Յիսուս շարունակեց բախել անոնց դռները։ Երուսաղեմ քաղաքը ուրախ եւ խաղաղ վիճակի մէջ կը գտնուէր , պէտք չունէր փրկութեան։ Յիսուսի այն օրուայ արտասուքը Երուսաղեմին վրայ, համազօր է Յիսուսի այսօրուայ արտասուքին մեր եւ եկեղեցւոյ վրայ'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով թէ `''Երուսաղեմ քաղաքը վախցաւ փրկութենէն` անակնկալներու ուղիէն, Յիսուսէն, փեսայէն եւ Փրկիչէն։ Քաղաքին մէջ կը տիրէր խաղաղութիւն, անդորրութիւն, քահանաները կը մատուցանէին իրենց զոհերը , ժողովուրդը հոն ուխտագնացութեան կ՝երթար։ Անոնց դռները փակ էին պէտք չունէին ուրիշներուն։
Այսօր եւս մենք քրիստոնեաներս, որ լաւ կը ճանչնանք քրիստոնէական վարդապետութիւնը, ամէն կիրակի օր պատարագի կ՝երթանք, արդեօք ուրա՞խ ենք, որովհետեւ ամէն ինչ լաւ դասաւորած ենք եւ պէտքը չունիք դարձեալ Յիսուսի այցելութեան։
''Տէրը կը շարունակէ բախել իւրաքանչիւրին եւ եկեղեցւոյ դռները. ու մեր եւ եկեղեցւոյ հովիւներու դռները կը շարունակուին աւաղ փալ մնալ։ Յիսուս այսօր եւս կը շարունակէ արտասուել'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.